image

Բախումներ «Ալ Աքսա» մզկիթին մօտ. Իսրայէլեան բանակը փակած է բոլոր մուտքերը

Բախումներ  «Ալ Աքսա» մզկիթին  մօտ. Իսրայէլեան բանակը   փակած է բոլոր մուտքերը

Այսօր առաւօտ, զինեալ բախումի մը ընթացքին, Իսրայէլի բանակը սպաննեց 3  պաղեստինցի  երիտասարդներ՝  Երուսաղէմի Ալ Աքսա մզկիթի բակերուն մէջ:

Ըստ «Սքայ Նիուզ» կայքին, բախումի ընթացքին, իսրայէլեան բանակէն եւս վիրաւորուած են 3 զինուորներ։

էպքէն  ետք   իսրայէլեան  բանակը փակեց  «Ալ Աքսա»ի  բակերը եւ արգիլեց Ուրբաթօրեայ աղօթքի արարողութիւնը՝ մզկիթէն ներս, ինչպէս նաեւ արգիլեց  ժողովուրդի ելքն ու մուտքը  դէպի  Ալ Աքսա մզկիթ:

Իսրայէլ կը պնդէ, որ 3 յարձակողներ կրակ բացին Ալ Աքսա մզկիթին մօտ եւ այդ պատճառ դարձաւ 3 իսրայէլցի զինուորներու վիրաւորման, որոնցմէ 2-ը վտանգաւոր վիճակի մէջ են: