Այսօր առաւօտ, զինեալ բախումի մը ընթացքին, Իսրայէլի բանակը սպաննեց 3 պաղեստինցի երիտասարդներ՝ Երուսաղէմի Ալ Աքսա մզկիթի բակերուն մէջ:
Ըստ «Սքայ Նիուզ» կայքին, բախումի ընթացքին, իսրայէլեան բանակէն եւս վիրաւորուած են 3 զինուորներ։
էպքէն ետք իսրայէլեան բանակը փակեց «Ալ Աքսա»ի բակերը եւ արգիլեց Ուրբաթօրեայ աղօթքի արարողութիւնը՝ մզկիթէն ներս, ինչպէս նաեւ արգիլեց ժողովուրդի ելքն ու մուտքը դէպի Ալ Աքսա մզկիթ:
Իսրայէլ կը պնդէ, որ 3 յարձակողներ կրակ բացին Ալ Աքսա մզկիթին մօտ եւ այդ պատճառ դարձաւ 3 իսրայէլցի զինուորներու վիրաւորման, որոնցմէ 2-ը վտանգաւոր վիճակի մէջ են: