Ուքրանիոյ Լվով քաղաքին մէջ տեղի ունեցող քոնկ Ֆուի Եւրոպայի ախոյանութեան ընթացքին խումբ մը ազրպէյճանցիներ մտած են խաղադաշտ եւ փորձած հարուածներ հասցնել Դաւիթ Պետրոսեանին: Կ'ենթադրուի, որ դէպքը եղած է նախապատրաստուած եւ զգալէ ետք, որ հայ մարզիկը յաղթանակ պիտի տանի ազրպրէյճանցի մրցակիցին դէմ բիրեր ունեցող ազրպէյճանցիներ մտած են խաղադաշտ եւ փորձած են հարուածել հայ մարզիկը : Ընթացքին հարուածներ ստացած է նաեւ Քոնկ Ֆուի ֆէտէրասիոնի նախագահ Նիքոլա Մատուլովսքին, որ փորձած է զայրացած ամբոխի հարուածներէն պահպանել հայազգի մարզիկը: Նշենք, որ Դաւիթ Պետրոսեան եղբայրն է արցախեան քառօրեայ պատերազմի մասնակից եւ հակառակորդի 5 թանկ խոցած` Մարատ Պետրոսեանին:
Նիւթի աղբիւր ՝ «Էրմէնիհապէր»