Այսօր քննութիւն յանձնած եմ, երեւի վաղը պատասխան կ'ունենամ։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Նազելի Պաղտասարեանը։
«Ես ենձ շատ լաւ կը զգամ, կը կարծեմ` վարակուած չեմ, բայց քննութեան պահուն 37.7 ջերմութիւն ունէի, բայց իսկապէս, որեւէ գանգատ չունիմ, մարդ կը զգայ, երբ ինք հիւանդ է։ Առայժմ տունն եմ մեկուսացուած, ըստ երեւոյթին պատասխաններու հետ կապուած կը նային արդէն, տեղափոխեն, թէ չէ, քանի որ անչափահաս տղաս ալ հետս Երեւան է, ընտանիքիս միւս անդամները Գիւմրի են, երեխային չէի կրնար ձգել, երթալ մեկուսացման վայր»,– ըսած է Նազելի Պաղտասարեանը։
Յիշեցնենք, որ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Նազելի Պաղտասարեանը երէկուընէ ինքնամեկուսացած է, ան շուրջ 6 օր շփում ունեցած է «Քորոնա» ժահրով վարակուած քաղաքացիի հետ, վերջինիս մօտ երէկ «Քորոնա» ժահր հաստատուած է։