Մարտունիի մէջ տեղի ունեցած է 44-օրեայ պատերազմին հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ժամանակ հերոսաբար ինկած, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու անդամ, ՀՅԴ Արցախի պատանեկան միութեան Մարտունիի խումբի պատասխանատու, «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանակիր, քափիթան Արթուր Աղասեանի թաղման արարողութիւնը։ Այս մասին կը յայտնէ yerkir.am-ը:
Մարտունիի հրապարակին մէջ, Մոնթէ Մելքոնեանի յուշակոթողի մօտ մարտունեցիները վերջին հրաժեշտը տուին հերոս հայորդիին:
Մոնթէի օրինակով դաստիարակուած, Մոնթէի ոգին իր մէջ կրող Արթուրը հետագային ե՛ւապրիլեան քառօրեայ, ե՛ւ 44-օրեայ պատերազմներուն իր կատարած սխրանքներով ապացուցեց, որ իսկական յետնորդն է Մոնթէի եւ միւս մեր հերոսներու:
Արթուրը հայոց պատմութեան հերոսական էջերուն մէջ պիտի մնայ վառ օրինակ, թէ ինչպէս պէտք է սիրել հայրենիքը, ինչպէս պէտք է պայքարիլ հայրենիքի ազատութեան համար, ինչպէս պէտք է պաշտպանել հող-հայրենին:
Անոր յուղարկաւորած են զինուորական պատուով՝ հայրենիքին մատուցած անձնուրաց ծառայութեան համար յետմահու պարգեւատրելով «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչմամբ:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ