Հայաստանի վարչապետի ընտրութեան հարցը պիտի քննարկուի այսօր ժամը 12:00-ին իրաւունքի ուժով գումարուող Ազգային ժողովի յատուկ նիստի ընթացքին: Այդ մասին յայտարարած է խորհրդարանի խօսնակ Արա Բաբլոյեան:
Յիշեցնենք, վարչապետի պաշտօնին առաջադրուած միակ թեկնածու, Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Հանրապետական կուսակցութեան յետագայ իշխանավարման դէմ պայքարը գլխաւորող ընդդիմադիր «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան 1 Մայիսին Ազգային ժողովին մէջ չստացաւ բաւարար թիւով ձայներ․ անոր թեր քուէարկեց 45, դէմ` 56 պատգամաւոր:
Համաձայն Սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածի 3-րդ կէտի` «Վարչապետ չընտրուելու պարագային քուէարկութենէն եօթ օր ետք տեղի կ՛ունենայ վարչապետի նոր ընտրութիւն, որուն մասնակցելու իրաւունք ունին պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի առնուազն մէկ երրորդի առաջադրած վարչապետի թեկնածուները: Եթէ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու մեծամասնութեամբ վարչապետ չ՛ընտրուի, ապա Ազգային ժողովը կ՛արձակուի իրաւունքի ուժով»:
3 Մայիսին 41 պատգամաւորի ստորագրութեամբ Նիկոլ Փաշինեան կրկին առաջադրուեցաւ վարչապետի թեկնածու: Միակ թեկնածուին կը սատարեն Ազգային ժողովի ՀՅ Դաշնակցութիւն, «Ելք», «Ծառուկեան» դաշինք խմբակցութիւնները, խորհրդարանական մեծամասնութիւնը` Հանրապետական խմբակցութիւնը եւս կը վստահեցնէ, որ պիտի օժանդակէ Փաշինեանի ընտրութեան: