image
Հրատապ լուրեր:

«Այո՛, կը խօսինք կատուի մը մասին, հապա ո՞ւր մնաց առիւծը». Յակոբ Քորթմոսեան

«Այո՛, կը խօսինք  կատուի մը մասին, հապա ո՞ւր մնաց առիւծը». Յակոբ Քորթմոսեան

Լրագրողը Զօրավար Հաֆէզ Ալ Ասատին հարցուցած է.- Եթէ Սուրիոյ եւ Հրէաստանի միջեւ պատերազմ տեղի ունենայ, ի՞նչ կը պատահի:

Ասատը պատասխանած է.- Համոզուած եղիր, բարեկա՛մս, թէ երկու երկիրներն ալ 100 տարի ետ պիտի երթան: Յիշէ՛ նաեւ, որ 100 տարի առաջ Հրէաստանը գոյութիւն չունէր:

Լրագրողը. – Ի՞նչ կը պատահի եթէ հրէական ռազմական օդանաւերը յարձակին Սուրիական հողերուն վրայ:

Ասատը.- Թո՛ղ յարձակին. սակայն, եթէ յարձակին, կ'երդնում, թէ օդաչուները այդ օրուընէ սկսեալ Թէլ Աւիւի  օդակայանը պիտի չտեսնեն:

Լրագրողը.- Սակայն բոլորն ալ Ձեր դէմ են, Պրն. Նախագահ:

Ասատը.- Եթէ կատու մը սենեակի մը անկիւնը բանտարկես, ի՞նչ պիտի ընէ:

Լրագրողը զարմանալով.- Պիտի յարձակի եւ աջ ու ձախ հարուածէ:

Ասատը.- Այո՛, կը խօսէինք կատուի մը մասին, հապա ո՞ւր մնաց առիւծը:

Խաղաղութիւն քու հոգիիդ դարուս իմաստունը (Արաբերէնէ թարգմանուած):

 

Ծանօթ.- Ասատ կը նշանակէ առիւծ:

Ընդունինք կամ ոչ, Ասատի ժամանակաշրջանը շատ բան տուաւ Սուրիահայութեան ի մասնաւորի, եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայութեան: Բաւարար է ակնարկ մը նետել Սփիւռքի ներկայ վիճակին եւ անպայման պիտի հանդիպիք սուրիահայ մտաւորականի մը, արուեսատագէտի մը, երաժիշտի մը, նուիրեալ ազգայինի մը, անձնուրաց հոգեւորականի մը, եւ ի վերջոյ առաքինի ու պարզ մարդու մը: Այս բոլորը այսպէս կամ այնպէս Ասատեան վարչակարգի արդիւնքն են, դարձեալ կը կրկնեմ՝ ընդունինք կամ  ոչ: Ատելութիւնը պատճառ պէտք չէ ըլլայ ճշմարտութիւնը անտեսելու:

Իսկ ինչ կը վերաբերի այսօրուան իրավիճակին, գէշ-աղէկ արդէն յստակ են խաղին կանոնները, եւ միայն Ասատեան վարչակարգը հարուածել ու քարկոծել կը նշանակէ ապերախտութեան մարմնացումն ըլլալ: Ասատեան վարչակարգի պաշտպան մը չեմ, պարզապէս կը փորձեմ երեւոյթներուն իրապաշտօրէն մօտենալ:

Ինչ կը վերաբերի Հաֆէզ Ալ Ասատի տուած պատասխաններու պարունակութեան, վստահ եմ որ քաղաքականութենէն հասկցողները գէշ կամ աղէկ կը հասկնան Ասատի տուած պատասխաններու լրջութիւնը: Աւելին, Սուրիական վերջին տարիներու տագնապը այդ մասին կը վկայէ:

 

«Հասկցողաց բարեւներ»:

 

Յակոբ Քորթմոսեան