The Washington Post-ը իր գլխաւոր էջին վրայ անդրադառնալով ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի Ամերիկեան ուժերը Սուրիայէն դուրս բերելու յայտարարութեան, այդ որոշումը անուանած է «վատ գաղափար»:
Յիշեցնենք, որ Տանըլտ Թրամբը յայտարարած էր, որ ԱՄՆ «շատ շուտով» պիտի հեռանայ Սուրիայէն, մինչ Փենթակոնը ընդգծած էր Սուրիոյ մէջ ամերիկեան զօրքերու ներկայութեան անհրաժեշտութիւնը։
Թերթը հաստատած է, որ սա առաջին անգամը չէ որ Թրամբ ԱՄՆ Ազգային Անվտանգութեան շահերէն չբխող անակնկալ որոշումներ կը կայացնէ, հաւանական նկատելով՝ որ հնարաւոր պիտի չըլլայ այս որոշման իրագործումը մի քանի նկատառումներով:
Այս առումով թերթը նշած է, որ նախ ԱՄՆ զինուած ուժերու նաւթով հարուստ սուրիական տարածքներու վրայ քրտական ուժերու միջոցաւ ունեցած հսկողութիւնը ցոյց ու տայ, որ Ուաշինկթըն այդ շրջանէն այդպէս «շուտ» դուրս եկողը չէ:
Թերթը միաժամանակ անդրադարձած է, որ «ամերիկեան ներկայութիւնը սակայն չի նշանակեր, որ Ամերիկան Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծման յառաջխաղացման ցանկութիւն ունի»:
Թերթին կարծիքով ներկայ պահուն, հակառակ Թրամբի տեսակէտներուն, ԱՄՆ ուժերը Սուրիոյ մէջ պէտք է մնան, նկատի ունենալով որ տակաւին շատ մը տարածքներ եւ շրջաններ կը գտնուին «Տահէշ»ի հսկողութեան տակ, որոնց դէմ պայքարի պարտականութիւնը ստանձնած էր ԱՄՆ-ն:
Թերթը նոյնպէս գրած է, թէ Թրամբ գիտէ, որ իր յայտարարութիւնները պիտի վերակենդանացնեն ԱՄՆ-ն Սուրիայէն դուրս մղելու ռուսական եւ իրանեան յոյսերը, որպէսզի վերջիններս կարողանան իրենց ռազմակայանները եւ քաղաքական ազդեցութիւնը ամրապնդել Սուրիոյ մէջ:
Նոյն աղբիւրին կարծիքով այս բոլորէն զատ, Սուրիայէն դուրս գալու որոշումը սպառնալիք է Իսրայէլի համար եւ վերջնականապէս կը կործանէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ԱՄՆ-ի ազդեցութեան հիմնական հիմքերը: