Սաատ Հարիրիի այսօր կազմած նախարարաց խորհուրդին մէջ Աւետիս Կիտանեան ստանձնեց Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօն։ Այս մասին լուրը հաղորդեց «Թայյար.օրկ» կայքը։
Նշենք, որ ութ ամսուան կառավարական տագնապը երկար սպասումներէ ետք այսօր հանգուցալուծուեցաւ։ Իր կարգին վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտարարեց, որ կառավարութեան անդրանիկ նիստը պիտի կայացուի յառաջիկայ շաբաթ օր, իր նստավայրին՝ Պէյրութի վարչապետարանին մէջ։
Յիշեցնենք, որ երեսուն աթոռներէ բաղկացած կառավարութեան երկրորդ հայ նախարարն է Ռիչարտ Գույումճեան, որ կը ներկայացնէ «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութիւնը։
Տակաւին կ՚անդրադառնանք։