13 Մայիsին, ժամը 22:35-ի սահմաններուն, ՊԲ հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասէն ներս, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն ծանրօրէն վիրաւորուած է ՊԲ զինծառայող Շամխալ Սէյրան Պետրոսեանը (1998-ի ծնունդ): Այս մասին կը յայտնեն Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն։
Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն: