image
Հրատապ լուրեր:

Արցախ մեկնած կամաւորները պիտի շարունակեն մնալ դիրքերու վրայ

Արցախ մեկնած կամաւորները պիտի շարունակեն  մնալ դիրքերու վրայ

  Արցախեան քառօրեայ պատերազմին   ճակատներ մեկնած  կամաւորները պիտի շարունակեն  իրենց պարտականութիւնը: Այս մասին այսօր յայտնած  են կամաւորական խումբերու  հրամանատարները, որ նոյնպէս  այս մասին կոչով հանդէս  եկած են: Հրապարակուած   յայտարարութեան մէջ նաեւ ըսուած է, որ կամաւորական ջոկատները    իրենց   հերթափոխի  լրացումին հետ  վճռած են չվերադառնալ դիրքերէն եւ     Շուշիի  եւ Պէրլինի ազատագրման տօները  նշելու են   արցախեան  ճակատներուն  վրայ: Նշենք, որ      սահմանին վրայ   լարուածութիւնը կը շարունակուի եւ  հակառակորդի      սադրանքներուն   հետեւանքով երէկ  գիշեր հայկական ուժերու   մէկ զինուոր  նահատակուած էր: