Պոլսոյ մէջ եղող տարբեր համայնքներու առաջնորդներ, երէկ մասնակցած են երթի մը, որու աւարտին ստորագրած են «Ժողովրդվարութեան յայտարարութիւն» մը: Մասնակիցներուն մէջ եղած է Պոլսոյ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք Աթէշեան: Մասնակիցները յետիոտն քալած են մինչեւ Թաքսիմի հրապարակ, ուր ծաղիկներ զետեղելով յարգած են 15 յուլիսին Թուրքիոյ մէջ զոհուածներուն յիշատակը: Ներկաներուն անունով խօսք առած է Պոլսոյ Պէյօղլու շրջանի քաղաքապետ՝ Ահմէտ Մըսպահ Տէմիրճան, որ յայտնած է, թէ իրենց համար ամէնէն էականը ժողովրդավարական սկզբունքներն են: Ան նոյնպէս նկատել տուած է, թէ 15 յուլիսին տեղի ունեցածը կը փորձէր վերջ տալ Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան, բան մը որ կտրականապէս մերժելի է: Նշենք, որ երթին մասնակցած Արամ Աթէշեան գտնուած է քալողներու երկրորդ շարքին մէջ Թուրքիոյ հրեայ համայնքի ընդհանուր խախամ Րաէվ Իսհաք Հալիվայի ետեւը: Մինչեւ այս պահը Պոլսոյ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Տ. Լեւոն Արք. Զէիքեանի մասնակցութեան մասին տեղեկութիւն չի հաղորդուիր: Կը հաղորդուի նաեւ, որ երթին մասնակցողներու շարքին եղած են Պոլսոյ մէջ գործող շուրջ 7 երկիրներու հիւպատոսներ: Տեղեկութիւնը մեզի փոխանցած է «Արեւելք»ի Պոլսոյ աղբիւրը: