image
Հրատապ լուրեր:

Արամ Աթէշեան Հրեայ խախամին հետ մասնակցած է «յանուն ժողովրդավարութեան» երթին

Արամ Աթէշեան       Հրեայ խախամին հետ       մասնակցած է «յանուն ժողովրդավարութեան» երթին

Պոլսոյ մէջ եղող տարբեր  համայնքներու առաջնորդներ, երէկ մասնակցած են երթի մը,  որու  աւարտին ստորագրած են «Ժողովրդվարութեան  յայտարարութիւն» մը: Մասնակիցներուն մէջ եղած է Պոլսոյ Պատրիարքական ընդհանուր  փոխանորդ Տ. Արամ Արք Աթէշեան: Մասնակիցները  յետիոտն քալած են մինչեւ Թաքսիմի  հրապարակ, ուր ծաղիկներ զետեղելով յարգած են  15 յուլիսին Թուրքիոյ մէջ զոհուածներուն  յիշատակը: Ներկաներուն անունով խօսք առած է  Պոլսոյ Պէյօղլու շրջանի քաղաքապետ՝ Ահմէտ Մըսպահ Տէմիրճան,  որ յայտնած է, թէ իրենց համար ամէնէն  էականը  ժողովրդավարական սկզբունքներն են: Ան նոյնպէս նկատել տուած է, թէ 15  յուլիսին տեղի  ունեցածը կը փորձէր վերջ տալ Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան, բան մը որ կտրականապէս մերժելի է: Նշենք, որ երթին մասնակցած Արամ   Աթէշեան գտնուած է   քալողներու   երկրորդ շարքին մէջ  Թուրքիոյ հրեայ  համայնքի ընդհանուր խախամ Րաէվ Իսհաք Հալիվայի  ետեւը:  Մինչեւ այս պահը   Պոլսոյ  Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ  Տ.   Լեւոն Արք.   Զէիքեանի մասնակցութեան մասին տեղեկութիւն չի հաղորդուիր: Կը  հաղորդուի նաեւ, որ երթին մասնակցողներու շարքին եղած  են Պոլսոյ մէջ  գործող շուրջ  7   երկիրներու    հիւպատոսներ: Տեղեկութիւնը մեզի փոխանցած է «Արեւելք»ի Պոլսոյ աղբիւրը: