image

Արաբական գագաթաժողովը Ռիատի մէջ պիտի չգումարուի. Պատճառներն անյայտ են

Արաբական գագաթաժողովը Ռիատի մէջ պիտի չգումարուի. Պատճառներն անյայտ են

Քաղաքական աղբիւրներ հաստատած են, որ Սէուտական Արաբիոյ հիւրընկալելիք արաբական գագաթաժողովը մայրաքաղաք Ռիատէն  այլ վայր պիտի տեղափոխուի:

Ըստ «Ալ Տիար»  պարբերականին արաբական պետութիւններու լիկայի պաշտօնական աղբիւրը «Sputnik»-ին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է, որ յաջորդ արաբական գագաթաժողովը, որ պիտի իրականացուի Սէուտական Արաբիոյ մէջ, տեղի պիտի ունենայ Տամմամ քաղաքին մէջ, մինչ բոլոր նախապատրաստութիւնները պիտի իրականացուին մայրաքաղաք Ռիատի մէջ:

 

Աղբիւրը չէ բացայայտած ժողովի վայրի Տամմամ տեղափոխելու պաատճառը:

 

Նշենք, որ Գագաթաժողովին մասնակցող արաբական երկիրներու ղեկավարները 14 ապրիլին պիտի ժամանեն Սէուտական Արաբիա: