image

Ապտըլ Լահեան. Ասատ մեզի համար կարմիր գիծ է

Ապտըլ Լահեան.  Ասատ     մեզի համար կարմիր գիծ է

Իրան («Ալ Տիար»- Պէյրութ)  Իրանի  իսլամական   հանրապետութեան   արտաքին գործոց փոխ   նախարար   Հիւսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեան       իրանեան պարբերականի մը  տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին  ըսած է, թէ      Սուրիոյ նախագահ Պաշշար  Ասատը  Իրանի   հոգեւոր առաջնորդ՝   Ալի Խամէնյիին համար  կարմիր գիծ է ու ան պիտի մնայ իշխանութեան  վրայ:  Ապտըլ Լահեան նաեւ ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներ այսօր  ըմբռնած են, որ Սուրիոյ   մէջ    լուծումը քաղաքական պէտք է ըլլայ:  Իրանցի դիւնագէտին կարծիքով     Սուրիոյ  տագնապին առընթեր ԱՄՆ-ի   կեցուածքները կը տարբերին Րիատի եւ Անգարայի կեցուածքներէն: Ան նաեւ ըսած է, որ  Իրան  միշտ եղած  է  Սուրիոյ իշխանութիւններուն կողքին     եւ   Սուրիա  երբեք չի կրնար  անտեսել  Իրանի  թելադրանքները եւ խորհուրդները: