image

Անտարբերութիւնը վարակէն վատ է. Հռոմի Պապ

Անտարբերութիւնը վարակէն վատ է. Հռոմի Պապ

Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսը Զատկին յաջորդող կիրակի օրը` 19 ապրիլին, Վատիկանէն դուրս եկած է եւ պատարագ մատուցած է քանի մը թաղամաս հեռու գտնուող դատարկ եկեղեցիներէն մէկուն մէջ:

Reuters լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ՝ Հռոմի պապն ըսած է, որ այժմ աշխարհի մէջ անարդարութիւնը բուժելու ժամանակն է: Հռոմի պապը նշած է, որ համաշխարհային միասնութեան բացակայութիւնը եւ ապաքինման գործընթացէն հասարակութեան որոշ հատուածներ դուրս ձգելը կրնայ յանգեցնել «աւելի վատ ժահրի՝ եսասէր անտարբերութեան»:

«Գթասրտութիւնը չի լքեր անոնց, որոնք կը մնան ետ: Մինչ մենք անհամբերութեամբ կը սպասենք համավարակէն դանդաղ եւ դժուար ապաքինման, կայ վտանգ, որ մենք պիտի մոռնանք անոնց, որոնք կը մնան ետ: Վտանգն այն է, որ մենք կրնանք վարակուիլ շատ աւելի վատ ժահրով՝ եսասէր անտարբերութեամբ: Ժահր, որ կը տարածուի այն պատճառով, որ մարդիկ կը մտածեն, որ կեանքը լաւ է, եթէ այն լաւ է իրենց համար, որ ամէն ինչ լաւ կ'ըլլայ, եթէ լաւ ըլլայ իրենց համար: Այս մօտեցումը կ'աւարտի անով, որ նախապատւութիւն կու տաս մէկուն՝ միւսի նկատմամբ, կ'անտեսեն աղքատներուն, առաջադիմութեան խորանի վրայ կը զոհաբերեն անոնց, որոնք ետ կը մնան: Այս համավարակը մեզի կը յիշեցնէ, որ տառապող մարդոց միջըեւ չկայ տարբերութիւն կամ սահման: Մենք բոլորս փխրուն ենք, բոլորս հաւասար ենք եւ բոլորս թանկ ենք», – ըսած է Ֆրանչիսկոս պապը: