ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի Լոս Անճելոսի շրջանին ուրբաթ օրէն սկսեալ գրեթէ 2,7 հազար մարդ ձերբակալուած է: Այս մասին կը յայտնէ Los Angeles Times պարբերականը:
Համաձայն թերթի տուեալներու՝ ցոյցերու ժամանակ՝ ուրբաթ օրէն մինչեւ երեքշաբթի առաւօտեան, նուազագոյնը 2216 մարդ ձերբակալուած է Լոս Անճելոսի մէջ: Եւս 475 մարդ ձերբակալուած է Սանթա Մոնիքա եւ Լոնկ Պիչ քաղաքներուն մէջ:
Անոնց մեծամասնութիւնը ձերբակալուած է ոստիկանութեան չենթարկուելու, պարէտային ժամը խախտելու, ինչպէս նաեւ գողութիւն ընելու, իրաւապահներուն վրայ յարձակելու եւ դիակապտութեան համար: Շրջանի իշխանութիւնները նաեւ հաղորդած են, որ պարէտային ժամը երկարաձգուած է եւ պիտի գործէ երեքշաբթի 18:00-էն (երեւանեան ժամանակով՝ 05:00, 3 յունիս) մինչեւ չորեքշաբթի՝ 6:00-ն (17:00, 3 յունիս):