image
Հրատապ լուրեր:

Անգարայի Պայթում. Հիմնական Թիրախը HDP- ի Պարագլուխներն Էին

Անգարայի Պայթում. Հիմնական Թիրախը HDP- ի Պարագլուխներն  Էին

Թուրքիա-(«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-Պոլիս) Ըստ  Հիւրրիյէթի, Անգարայի մէջ  անցնող 10 Հոկտեմբերին երկու    անձնասպանական  պայթումներուն   հիմնական թիրախը  հիմնական թիրախը, Քրտամէտ  Ժողովրդավարական  կուսակցութեան՝ HDP-ի պարագլուխներն էին:10 Հոկտեմբերին անձնասպան պայթում իրագործողները, որոնք 102 հոգի սպաննեցին, ի սկզբանէ ծրագրած էին հարուածել HDP-ի պարագլուխները, նախքան հանրահաւաքի մասին իմանալը, յետոյ փոխած են  իրենց ծրագիրը:  Այս մասին    աղբիւրը 21 Հոկտեմբերին տեղեկութիւն ստացած է   «ահաբեկչութիւն եւ իմաստուն փորձագէտներ»      ստորագրութիւնը կրող      յայտարարութեամբ մը:Անգարայի հասարակական գլխաւոր դատախազութեան գրասենեակը, Թուրքիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած երկու պայթումներու հետաքննութեան առթիւ յայտարարած է, թէ բանալի նիւթերը եւ թոներ կշռող պայթուցիկները խլուած էին Ղազի Այնթէպի հարաւային նահանգէն:  Գրասենեակը ըսած է նաեւ , թէ Անգարայի ռմբակոծման կառքին մէջ գործածուած է, 2500 քիլոկրամ Ամոնիոմ Նայթրէյթ (պայթուցիկներ պատրաստելու), 10 ինքնասպանութեան ռումբի բաճկոն, բաճկոնները կարելու կարի մեքենաներ, ձեռքի նռնակներ, հրացաններ, փամփուշներ եւ զանազան նիւթեր պայթուցիկ շինելու համա:  Բոլոր ապրանքները խլուած  ե տուներէն, աշխատավայրերէն, պահեստանոցներէն, որոնք կը կարծուին    ահաբեկչական կազմակերպութեան  ենթակայ բջիջ- տուներ ըլլալ:Ըստ «Անատոլու» գործակալութեան, մեծ քանակութեամբ «Նայթրէյթ ամոնիոմ» գտնուած է բջիջ այս տուներէն մէկուն մէջ, ուր Անգարայի մէջ HDPի պարագլուխներուն ընդդէմ յարձակում կը ծրագրուէր, որոնք կազմակերպիչներէն էին Հոկտ. 10ի խաղաղ հանրահաւաքին, որու պարզութիւնը իր ազդեցիկ ներկայութիւնն էր:Կասկածեալներու կողմէ յատկացուած է 11000 թրքական լիրա բեռնատար բիքաբ գնելու համար, որուն վրայ պիտի բեռցուէին ռումբերը Անգարա փոխադրուելէ առաջ: Բեռնատարին բլաքին վրայ Անգարայի համարը դնելէ ետք, այն պիտի ձգուէր փողոցին մէկ կողմը:Անգարայի հասարակական գլխաւոր դատախազութեան գրասենեակը, յայտարարած է, որ 20 կասկածելիներու դէմ ընթացակարգեր նախաձեռնուած են, անոնցմէ 11-ը ձերբակալուած են, որոնց 4-ը ազատ արձակուած են, 4-ը ձերբակալուած եւ երեքը դատարանի միջնորդութեամբ ազատ արձակուած:Կը նշուի նաեւ, որ ահաբեկիչները  կը պատրաստուէին նռնակներով յարձակում  կատարել  HPD-ի համանախագահ Ֆիկէն Եուքսէքստաղի, Ղազի Այնթէպի  հանրահաւաքի ընթացքին:

Ղազի  Այնթէպի Հանրահաւաք

Անգարայի հասարակական գլխաւոր դատախազութեան գրասենեակը , իր 19 Հոկտ.ի յայտարարութեամբ ըսաւ տասը կասկածեալներ, որոնք կը կարծուին կապ ունենալ Անգարայի յարձակումին հետ, կ'ենթադրուին անդամ ըլլալ Իսլամական պետութիւն»   ահաբեկչական  խմբաւորման:Մինչ 21 Հոկտեմբերին  «Ճումհուրիէթ» հաղորդեց, թէ երկու ինքնասպան ռմբակոծողները կը ծրագրէին թիրախ ունենալ HDP-ի ընտրութիւնը, որ պիտի կազմակերպուէր Ղազի Այնթէպի մէջ 18 Հոկտ.ին, ուր Եուքսէքտաղ պիտի հանդիպէր հասարակութեան հետ:անրահաւաքը տեղի չունեցաւ եւ 15 Հոկտ.ին HDP-ին որոշում առաւ զանց առնել իր բոլոր քարոզչական հանրահաւաքները: