Թուրքիա-(«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-Պոլիս) Ըստ Հիւրրիյէթի, Անգարայի մէջ անցնող 10 Հոկտեմբերին երկու անձնասպանական պայթումներուն հիմնական թիրախը հիմնական թիրախը, Քրտամէտ Ժողովրդավարական կուսակցութեան՝ HDP-ի պարագլուխներն էին:10 Հոկտեմբերին անձնասպան պայթում իրագործողները, որոնք 102 հոգի սպաննեցին, ի սկզբանէ ծրագրած էին հարուածել HDP-ի պարագլուխները, նախքան հանրահաւաքի մասին իմանալը, յետոյ փոխած են իրենց ծրագիրը: Այս մասին աղբիւրը 21 Հոկտեմբերին տեղեկութիւն ստացած է «ահաբեկչութիւն եւ իմաստուն փորձագէտներ» ստորագրութիւնը կրող յայտարարութեամբ մը:Անգարայի հասարակական գլխաւոր դատախազութեան գրասենեակը, Թուրքիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած երկու պայթումներու հետաքննութեան առթիւ յայտարարած է, թէ բանալի նիւթերը եւ թոներ կշռող պայթուցիկները խլուած էին Ղազի Այնթէպի հարաւային նահանգէն: Գրասենեակը ըսած է նաեւ , թէ Անգարայի ռմբակոծման կառքին մէջ գործածուած է, 2500 քիլոկրամ Ամոնիոմ Նայթրէյթ (պայթուցիկներ պատրաստելու), 10 ինքնասպանութեան ռումբի բաճկոն, բաճկոնները կարելու կարի մեքենաներ, ձեռքի նռնակներ, հրացաններ, փամփուշներ եւ զանազան նիւթեր պայթուցիկ շինելու համա: Բոլոր ապրանքները խլուած ե տուներէն, աշխատավայրերէն, պահեստանոցներէն, որոնք կը կարծուին ահաբեկչական կազմակերպութեան ենթակայ բջիջ- տուներ ըլլալ:Ըստ «Անատոլու» գործակալութեան, մեծ քանակութեամբ «Նայթրէյթ ամոնիոմ» գտնուած է բջիջ այս տուներէն մէկուն մէջ, ուր Անգարայի մէջ HDPի պարագլուխներուն ընդդէմ յարձակում կը ծրագրուէր, որոնք կազմակերպիչներէն էին Հոկտ. 10ի խաղաղ հանրահաւաքին, որու պարզութիւնը իր ազդեցիկ ներկայութիւնն էր:Կասկածեալներու կողմէ յատկացուած է 11000 թրքական լիրա բեռնատար բիքաբ գնելու համար, որուն վրայ պիտի բեռցուէին ռումբերը Անգարա փոխադրուելէ առաջ: Բեռնատարին բլաքին վրայ Անգարայի համարը դնելէ ետք, այն պիտի ձգուէր փողոցին մէկ կողմը:Անգարայի հասարակական գլխաւոր դատախազութեան գրասենեակը, յայտարարած է, որ 20 կասկածելիներու դէմ ընթացակարգեր նախաձեռնուած են, անոնցմէ 11-ը ձերբակալուած են, որոնց 4-ը ազատ արձակուած են, 4-ը ձերբակալուած եւ երեքը դատարանի միջնորդութեամբ ազատ արձակուած:Կը նշուի նաեւ, որ ահաբեկիչները կը պատրաստուէին նռնակներով յարձակում կատարել HPD-ի համանախագահ Ֆիկէն Եուքսէքստաղի, Ղազի Այնթէպի հանրահաւաքի ընթացքին:
Ղազի Այնթէպի Հանրահաւաք
Անգարայի հասարակական գլխաւոր դատախազութեան գրասենեակը , իր 19 Հոկտ.ի յայտարարութեամբ ըսաւ տասը կասկածեալներ, որոնք կը կարծուին կապ ունենալ Անգարայի յարձակումին հետ, կ'ենթադրուին անդամ ըլլալ Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման:Մինչ 21 Հոկտեմբերին «Ճումհուրիէթ» հաղորդեց, թէ երկու ինքնասպան ռմբակոծողները կը ծրագրէին թիրախ ունենալ HDP-ի ընտրութիւնը, որ պիտի կազմակերպուէր Ղազի Այնթէպի մէջ 18 Հոկտ.ին, ուր Եուքսէքտաղ պիտի հանդիպէր հասարակութեան հետ:անրահաւաքը տեղի չունեցաւ եւ 15 Հոկտ.ին HDP-ին որոշում առաւ զանց առնել իր բոլոր քարոզչական հանրահաւաքները: