Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի` Սուրիան եւ Իրաքը մասնատելու մտադրութեան մէջ Իրանին մեղադրելէ ետք 2 երկիրներու միջեւ սկսած լարուածութիւնը նոր դրսեւորումներ կը ստանայ: Ըստ թրքական «Hurriyet» թերթի կայքի, նախօրէին Թեհրանի մէջ Թուրքիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռըզա Հաքան Թէքինը կանչուած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ խիստ զգուշացում ստացած այս անգամ արդէն արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուի յայտարարութեան կապակցութեամբ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Պէհրամ Քասըմին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է. «Թուրքիոյ հարցի վերաբերեալ համբերատարութիւն կը դրսեւորենք, սակայն մեր համբերութիւնը սահման ունի: Մենք Թուրքիոյ ղեկավարութենէն կ'ակնկալենք, որ ուշադրութիւն դարձնեն Իրանի վերաբերեալ իրենց յայտարարութիւններուն, որպէսզի այլեւս նման բաներ չկրկնուին: Եթէ մեր թուրք բարեկամներու կողմէ կրկնուին նմանատիպ յայտարարութիւններ, ապա մենք պիտի չլռենք եւ պատասխան տանք»:
Յիշեցնենք, որ Անգարայի եւ Թեհրանի միջեւ կոշտ հռետորաբանութեամբ ուղեկցուող լարուածութիւնը սկսած էր Էրտողանի Պահրէյնի մէջ ունեցած ելոյթի ժամանակ՝ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ կրօնական անհանդուրժողականութիւն հրահրելու եւ Իրաքի մասնատման ուղղութեամբ աշխատանք տանելու մէջ Իրանի հասցէին ըրած մեղադրանքին պատճառով: