image

«Անատոլու»ն Գրած է Հայաստան- Ռուսիա Զինուորական Համագործակցութեան Մասին

«Անատոլու»ն  Գրած է  Հայաստան- Ռուսիա   Զինուորական   Համագործակցութեան   Մասին

Հայաստան- («Անատոլու» լրատուական գործակալութիւն- Պոլիս)- Ռուսաստանի Դաշնութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Չորեքշաբթի օր ստորագրած են երկու երկիրներու միջեւ համատեղ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի համաձայնութիւն, այս մասին կը տեղեկացնէ «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը: Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ պայմանագիրը կնքուած է երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներ՝ Սերկէյ Շոյկոյի եւ Սէյրան Օհանեանի միջեւ, երէկ, Մոսկուայի մէջ կայացած «ԱՊՀ»  երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ժողովէն ետք:Աղբիւրը կը տեղեկացնէ, որ համաձայնագրի համաձայն պիտի իրականցուին Ռուսիոյ կողմէ 2015-ի համար Հայաստանի հետ համաձայնեցուած  բոլոր ռազմական գործողութիւնները, որոնց շարքին է ռազմական զօրավարժութիւնները, Ռուսիոյ մէջ հայ փորձագէտներու վերապատրաստումը, ինչպէս նաեւ հայ մեծ թիւով սպաներու  ուղարկումը ռուսական ռազմական ակատէմիաներ՝ վերապատրաստուելու եւ մարզուելու նպատակով:Իր հերթին, Օհանեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանին եղած աջակցութեան համար, նշելով, որ նախապէս այս աստիճանի ամբողջական կերպով ռազմական գործողութիւններու ծրագիր չէր մշակուած երկու երկիրներու միջեւ: Աղբիւրը  կը նշէ, որ երկու կողմերն ալ հաստատած են, որ սոյն պայմանագիրը պիտի ծառայէ Կովկասեան տարածաշրջանի հաւաքական անվտանգութեան ապահովման: