Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Միշէլ Աուն իր ԱՄՆ տուայ այցի ժամանակ հանդիպում ունեցած է բարձր պաշտօնեաներու հետ եւ ներկայացուցած է տարածաշրջանի, յատկապէս Լիբանանի քաղաքական վիճակը, ընդգծելով բանակի դերը Լիբանան զերծ պահելու ահաբեկչական խումբերէ:
«Ալ Ժումհուրիէ» թերթը գրած է , որ ԱՄՆ պիտի շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ լիբանանեան բանակին երկիրը ահաբեկչական սպառնալիքներէ հեռու պահելու համար: Նաեւ տեղեկութիւններ կան, որ ԱՄՆ ունի նոր ծրագիր մը, որը կ’օգնէ պայքարիլ եւ ազատել տարածաշրջանը ` Իրաք, Սուրիա, Եմէն եւ Լիբանան գտնուող «Հըզպալլա»ի խումբերէ, շեշտելով ամերիկայի մտադրութիւնը ` հարուածել «Հըզպալլա»ի կարգ մը դիրքերը:
Լիբանանի պատուիրակութիւնը ներկայացնելով Լիբանանի եւ Սուրիոյ քաղաքական իրավիճակը, նշած է, որ Սուրիոյ մեջ գտնուող «Հըզպալլա»-ի դիրքերը հարուածելը կը նշանակէ ուղղակի կան անուղղակի ձեւով ահաբեկիչներուն առջեւ պատերազմի դուռ մը բանալ եւ հասնիլ մինչեւ Լիբանան: