image

ԱՄՆ հարուածած է Սուրիոյ բանակի ռազմակէտերէն մին

ԱՄՆ հարուածած է Սուրիոյ բանակի ռազմակէտերէն մին

Հինգշաբթի երեկոյեան ԱՄՆ-ի կողմէ հովանաւորուող Միջազգային դաշինքի ուժերը օդային յարձակում գործած են Սուրիոյ կեդրոնը տեղակայուած սուրիական բանակի ռազմակայաններէն մէկուն վրայ, որուն հետեւանքով մէկ զինուոր զոհուած եւ 7-ը վիրաւորուած են:

«Ֆրանսբրէս» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, թիրախաւորուած ռազմակայանը Ալ Թանֆ շրջանէն 20քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի:

Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ զոհուածներուն թիւը ենթակայ է աճելու, որովհետեւ վիրաւորեալներուն մէջ ծանր դէպքեր կան: