Լիբանանի կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Րիատ Սալամէ երէկ խօսած է ամերիկեան CNBC կայանին ու հաւաստած, որ իր ղեկավարած հիմնարկը փակել տուած է շուրջ 100 դրամատնային հաշիւներ, որոնք կը կարծուի, թէ կապ ունին «Հըզպալլա»ի հետ: Սալամէյի կատարած սոյն յայտարարութիւնը կը կատարուի շուրջ ամիս մը առաջ ամերիկացի բարձրաստիճան պատասխանատուներու՝ Պէյրութ տուած այցէն ետք: Տեղին է նշել, որ Ուաշինկթըն, որուն համար «Հըզպալլա»ն կը համարուի ահաբեկչական կազմակերպութիւն, մէկէ աւելի անգամներ խօսած է կուսակցութեան դէմ տնտեսական եւ ֆինանսական օղակը նեղցընելու մասին: Րիատ Սալամէ, որ կը համարուի անաչառ եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն ունեցող բարձր որակի ֆինանսական գործիչ, սոյն հաւաստիացումը կը կատարէ՝ մղուած ըլլալով հեռու պահել ամերիկեան «լեղի բաժակ»ի մը պարտադրանքը երկրի ելեւմտական ոլորտէն: Ու քիչ չեն այն հաւանականութիւնները, ըստ որոնց ամերիկեան ճնշումները կրնան աւելի մեծ թափ ստանալ «Հըզպալլա»ի դէմ: Էական հարցումը կը մնայ, թէ արդեօք Իսրայէլի զինուորական սադրանքներուն առջեւ տեղի չտուած եւ աւելին՝ իր ուժով երկրի հարաւային սահմաններուն վրայ խաղաղութիւն պարտադրած «Հըզպալլա»ն, տեղի պիտի տա՞յ արդեօք այս տնտեսական ճնշումներուն դիմաց: