image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկեան Գոնկրէսը լսումներ ունեցած է Հայաստանի վերջին զարգացումներուն մասին

Ամերիկեան Գոնկրէսը լսումներ ունեցած է Հայաստանի վերջին զարգացումներուն մասին

Հայաստանի վերջին զարգացումներու վերաբերեալ ԱՄՆ-ի Գոնկրէսի Հելսինկեան յանձնաժողովին կայացած են լսումներ, որուն հրաւիրուած բանախօսներն էին՝ վերլուծաբաններ Սթեֆան Նիքսն ու Էլէն Աղեքեանը:

 

«Անկախ անկէ, թէ մենք այս շարժումը կոչենք գունաւոր յեղափոխութիւն կամ ուղղակի յեղափոխութիւն, այն միանշանակ ազատութեան, ընտրութիւն ունենալու իրաւունքի ու ազատ կամքի արտայայտման վառ դռսեւորում է: Այս է ժողովրդավարութեան բնոյթը»,- յայտարարած է International Republican Institute կազմակերպութեան Եւրասիոյ տարածաշրջանի տնօրէն Սթեֆան Նիքսը:

 

Լսումներու միւս բանախօս՝ անկախ վերլուծաբան Էլէն Աղեքեանը, իր հերթին, նշած է, որ Սերժ Սարգսեանի հեռացումէն ետք, շարժումը առերեսուած է աւելի դժուարին խնդիրի հետ, մասնաւորապէս, գործող համակարգի դէմ պայքարը:

 

«Բողոքի շարժումը անսպասելիօրէն յաջողութիւններ արձանագրելէ ետք այժմ առերեսուած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման հիմնական խոչընդոտներու հետ, որոնցմէ է ոչ թէ մէկ անձի իշխանութիւնը, այլ՝ համակարգը, որ չափազանց փտած է»,- նշած է Աղեքեանը:

 

Չնայած այն հանգամանքին, որ գործող համակարգի վերջնական հեռացումը, ըստ Աղեքեանի, երկարատեւ ու դժուարին գործընթաց է, քանի որ կը պահանջէ շարք մը այլ կարեւոր գործօններ, ներառեալ անկախ ընտրական եւ դատական համակարգի ձեւաւորում, աւելի ազատ մամուլ եւ պատասխանատու իշխանութիւն, վերլուծաբանը ընդգծած է այս շարժման աննախադէպ բնոյթը ողջ եւրասիական տարածաշրջանի համար:

 

«Այս շարժման առանձնայատկութիւնն է երիտասարդութեան աշխոյժ մասնակցութիւնը, որ կապուած է քանի մը գործօններու հետ: Առաջինը անխօս շարժման առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի անձն է եւ առաջնորդի յատկութիւնները, իսկ երկրորդը «Ելք» դաշինքի բնոյթը, որը բաղկացած է երիտասարդ լրագրողներէ ու իրաւապաշտպան ցուցարարներէ»,- ընդգծած է Աղեքեանը:

 

Սթեֆան Նիքսը Միացեալ Նահանգներու ներգրաւուածութեան մասին խօսելով ընդգծած է Հայաստանին համապատասխան աջակցութիւն ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը ԱՄՆ-ի կողմէն եւ գոհունակութիւն յայտնած է այս օրերուն ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպանի կատարած աշխատանքի վերաբերեալ:

 

Ըստ Նիքսի, չնայած որ Հանրապետական կուսակցութիւնը ունի մեծամասնութիւն Ազգային ժողովի, սակայն միակողմանի նշանակումն ու ծրագիրի ընդունումը աւելի կը խորացնէ ճգնաժամը: Ընդգծելով բողոքի ցոյցերու չափազանց կազմակերպուած բնոյթը՝ ան համուզուած է, որ այս զարգացումները մեծ ազդեցութիւն կ'ունենան մարդոց մտածելակերպի վրայ:

 

Երկու վերլուծաբաններ ալ համակարծիք են, որ նոր իշխանութեան առաջնահերթութիւնն է ընտրական համակարգի արմատական բարեփոխումը: