Ամերիկացի այն գոնկրեսականները, որոնք 2013-ին Ազրպէյճանի կառավարութեան հովանաւորութեամբ Պաքու այցելած էին, այդ կառավարութեան վերադարձուցին իրենց ստացած թանկարժէք նուէրները, երբ դիտորդական խումբը յայտարարեց, թէ այդ ուղեւորութիւնը կը հակասէ ամերիկեան օրէնքներուն: Այս մասին կը գրէ «Հիլ» թերթը: Գոնկրէսի Բարոյականութեան վարչութեան համաձայն՝ օրին Պաքուի մէջ համաժողովի մը մասնակցելու նպատակով Պաքու այցելած էին ներկայի Քոնկրեսի 9 անդամներ եւ անոնց 32 օգնականները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը հազարաւոր տոլարներ արժող նուէրներ ստացած էր: Օրէնսդիրներէն ոմանք Պաքուէն մեկնած էին Թուրքիա, ուր եւս նուէրներ ստացած էին: Ուղեւորութեան վերաբերեալ վարչութեան զեկոյցը ներկայացուած էր Գոնկրէսի բարոյականութեան յանձնաժողովին՝ 8 մայիս 2015-ին, իսկ աւելի ուշ, զեկոյցի մանրամասնութիւնները հրապարակուեցան «Ուաշինկթըն Փոսթ»ին մէջ: Դիտորդական խումբը յայտնած էր, որ Ազրպէյճանի պետական քարիւղի «Սոքար» ընկերութիւնը առնուազն 750,000 տոլար ծախսած էր այս այցելութեան համար։
Լուրի աղբիւր՝ Panarmenian.net