image

Ամերիկան կը դադրեցնէ իր աջակցութիւնը սուրիական ընդդիմութեան

Ամերիկան կը դադրեցնէ իր աջակցութիւնը սուրիական ընդդիմութեան

Երկու ամերիկացի պատասխանատուներ նշեցին, որ Ամերիկայի նախագահ  Տոնալտ Թրամբ որոշեց դադրեցնել կեդրոնական հետախուզական վարչութան գաղտնի ծրագիրը, որուն միջոցաւ՝ Ամերիկան կը զինէր եւ կը մարզէր Սուրիոյ կառավարութեան դէմ պայքարող խումբերը:

Կեդրոնական հետախուզական վարչութան պատկանող ծրագիրը սկսած էր 2013-ին՝ Պարաք Օպամա-ի նախագահական շրջանին: Ծրագիրին ամենակարեւոր նպատակներէն մէկն էր՝ սուրիական կառավարութեան անկումը:

Գաղտնի ծրագիրը յայտնող պատասխանատուները նշեցին, որ այս ծրագիրէն հրաժարելու պահանջքը եկած էր ռուսական կառավարութենէն՝ Փութինին գլխաւորութեամբ: Եւ ամենայն հաւանականութեամբ, Թրամբ ընդունեց այս խնդրանքը քանի որ արդէն ամերիկեան եւ ռուսական կառավարութիւններուն յարաբերութիւնը սկսած է զարգանալ եւ գոհացնել եկրու երկիրները:

Թրամբ եւ Փութին, 7 Հուլիսի հանդիպումէն յետոյ Գերմանիոյ մէջ, համաձայնեցան, որ հրադադար յայտարարեն Սուրիոյ եւ Հորդանանի սահմանին վրայ: Նշենք որ այդ սահմանը Ամերիկայի նախկին ծրագիրի ամենակարեւոր վայրերէն մէկն էր՝ զինելու եւ մարզելու համար ընդդիմադիրները:

Այս բոլորը վերլուծելէն ետք, 2 պատասխանատուներէն մէկը թերթի մը հետ հարցազրոյցի ժամանակ՝ ըսաւ. «Փութին  յաղթեց Սուրիոյ մէջ»: