Երկու ամերիկացի պատասխանատուներ նշեցին, որ Ամերիկայի նախագահ Տոնալտ Թրամբ որոշեց դադրեցնել կեդրոնական հետախուզական վարչութան գաղտնի ծրագիրը, որուն միջոցաւ՝ Ամերիկան կը զինէր եւ կը մարզէր Սուրիոյ կառավարութեան դէմ պայքարող խումբերը:
Կեդրոնական հետախուզական վարչութան պատկանող ծրագիրը սկսած էր 2013-ին՝ Պարաք Օպամա-ի նախագահական շրջանին: Ծրագիրին ամենակարեւոր նպատակներէն մէկն էր՝ սուրիական կառավարութեան անկումը:
Գաղտնի ծրագիրը յայտնող պատասխանատուները նշեցին, որ այս ծրագիրէն հրաժարելու պահանջքը եկած էր ռուսական կառավարութենէն՝ Փութինին գլխաւորութեամբ: Եւ ամենայն հաւանականութեամբ, Թրամբ ընդունեց այս խնդրանքը քանի որ արդէն ամերիկեան եւ ռուսական կառավարութիւններուն յարաբերութիւնը սկսած է զարգանալ եւ գոհացնել եկրու երկիրները:
Թրամբ եւ Փութին, 7 Հուլիսի հանդիպումէն յետոյ Գերմանիոյ մէջ, համաձայնեցան, որ հրադադար յայտարարեն Սուրիոյ եւ Հորդանանի սահմանին վրայ: Նշենք որ այդ սահմանը Ամերիկայի նախկին ծրագիրի ամենակարեւոր վայրերէն մէկն էր՝ զինելու եւ մարզելու համար ընդդիմադիրները:
Այս բոլորը վերլուծելէն ետք, 2 պատասխանատուներէն մէկը թերթի մը հետ հարցազրոյցի ժամանակ՝ ըսաւ. «Փութին յաղթեց Սուրիոյ մէջ»: