ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հինգշաբթի օր, կրկին հաստատած է, որ Միացեալ Նահանգները «վճռականօրէն դէմ է» Իրաքի Քիւրերուն անկախութեան հանրաքուէին եւ կոչ կ'ուղէ քիւրտ առաջնորդներուն՝ անոր փոխարէն իրաքեան կառավարութեան հետ բանակցութիւններու մէջ մտնել:
Նախարարութեան Մամլոյ խօսնակը յայտարարութեամբ հանդէս գալով նշած է, «Միացեալ Նահանգները վճռականօրէն դէմ է 25 սեպտեմբերին Քիւրտիստանի ինքանավար մարզի անկախութեան հանրաքուէի անկացման»:
Իրաքի վարչապետ Հայտար Իպատի իր հերթին, չորեքշաբթի օր կոչ ըրած էր չեղարել անկախութեան հանրաքուէի իրականացումը եւ անոր փոխարէն ուղղակի երկխօսութեան մէջ մտնել:
Նշենք, որ Քիւրտիստանի ինքնավար մարզը իր անկախութեան հանրաքուէն պիտի իրականացնէ 25 սեպտեմբերին, հակառակ ԱՄՆ-ի եւ Պաղտատի զգուշացումներուն, որ այդ մէկը «կրակին հետ խաղալ» կը նշանակէ: