ԱՄՆ-ի Ֆլորիտա նահանգի 64-ամեայ քաղաքացի Ռիչարտ Լլոյտ հնդիկներու պատկանող խանութը այրած է, կարծելով, որ տէրերը արաբ են: Այս մասին «Ալ-Ժատիտ»ի փոխանցմամաբ, հաղորդած է NDTV-ին, նշելով, որ յանցագործը աղբամանի մը պարունակութիւնը վարած եւ ապա նետած է հնդիկներուն պատկանող խանութին մէջ:
Հրդեհը շուտով վերահսկողութեան տակ առնուած է եւ հեղինակն ալ ձերբակալուած: Յանցագործը ըսած է. «Կուզեմ այդ արաբները հեռանան մեր երկրէն, աւելցնելով, որ ինք «այս մէկը ըրած է յանուն Ամերիկայի»:
Աւելի ուշ Ամերիկայի հնդկական համայնքը մեկնաբանելով միջադէպը, մեղադրած է ԱՄՆ նախագահի գաղթականներու հանդէպ վարած քաղաքականութիւնը, նշելով, որ միջադէպը նման մօտեցումներու արդիւնք էր: