image
Հրատապ լուրեր:

Ամէն գնով Տահէշէն պիտի ազատենք մեր գերիները. Զօր. Ժան Ահուաժի

Ամէն գնով  Տահէշէն պիտի ազատենք մեր   գերիները. Զօր. Ժան Ահուաժի

Լիբանանեան  հարաւի ազատագրման տօնին ընդառաջ,    զինուորներուն յատուկ ուղերձ մը յղելով, լիբանանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատար Զօր. Ժան Ահուաժի   ըսաւ, թէ բանակը փաստեց, որ ինք պաշտպանն է  երկրին: Լիբանանեան բանակի հրամանատարը նաեւ ընդգծեց, որ բանակը յաջողութեամբ պսակեց իր վրայ դրուած պարտականութիւնները  եւ    վերահսկեց  երկրի ընդհանուր անվտանգութիւնը  ընթացող  քաղաքապետական ընտրութիւններուն  ընթացքին: Անոր կարծիքով, բանակն այսօր դարձած է Լիբանանի  ապահովութեան  գլխաւոր երաշխաւորը: Զօրավարը նաեւ  դիտել տուաւ, որ բանակի  ղեկավարութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ՝ ահաբեկիչ զինեալներու ձեռքէն  ազատագրելու  համար գերի ինկած լիբնանացի զինուորականնները: Լիբանանեան բանակի  տասնեակ զինուորներ  մինչեւ այս պահը գերեվարուած  կը մնան Տահէշ   ահաբեկչական  խմբաւորման մօտ: Նշենք, որ այս տարի կը լրանայ   իսրայէլեան զաւթիչ ուժերու  Լիբանանի հարաւի   շրջաններէն  հեռանալու  16-րդ տարին: