Դամասկոսի հիւսիս-արեւելեան շրջանին մէջ գտնուող «Ալ Քալամուն» աւանը անցած է Սուրիոյ բանակին տիրապետութեան տակ: Այս մասին կը գրէ «Ալ Ժատիտ»ը նշելով, որ Քալամունի ազատագրութեամբ Դամասկոս պիտի դառնայ աւելի ապահով քաղաք մը:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ «Ալ Քալամուն»ի մէջ տեղակայուած հարիւրաւոր իսլամիստ զինեալներ փոխադրուած են ահաբեկիչներու տիրապետութեան տակ եղող շրջաններ եւ այդ մէկը կատարուած է Անգարայի ուղղակի միջամտութեամբ:
«Ալ Ժատիտ»ի ունեցած տուեալներով «Ալ Քալամուն»ի ազատագրումէն ետք Սուրիոյ բանակին համար հիմնական թիրախ կը համարուի մայրաքաղաք Դամասկոսի հարագը գտնուող «Ալ Եարմուք» շրջանի ազատագրումը, որ այսօրուան դրութեամբ կը համարուի «Իսլամական բանակ»ի Դամասկոսի կարեւորագոյն կեդրոնատեղին:
Կը նշուի, որ «Ալ Եարմուք»ի ազատագրումէն ետք Դամասկոս ամբողջապէս պիտի դառնայ ահաբեկիչ զինեալներու ազդեցութիւնէն հեռու եւ բաւական ապահով քաղաք մը: