image

Ռուսական զօրքեր 1600 թոն կշռող բեռ փոխադրած են Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ եղող շրջաններ

Ռուսական զօրքեր 1600 թոն կշռող բեռ փոխադրած են Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ եղող շրջաններ

Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը կը շարունակէ ապահովել բեռերու փոխադրումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան անցած տարածքներու միջեւ: Այս մասին կը յայտնէ ՌԴ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը:

«Ընկերային կառոյցներու եւ բնակելի տուներու ուժանիւթի ապահովման եւ ջրամատակարարման համակարգերու վերականգնման նպատակով Մարդասիրական արձագանգման ռուսական կեդրոնի 11-րդ շարասիւնը՝ կազմուած «ԿամԱԶ» մակնիշի 15 զինուորական եւ ուղեկցող մեքենաներէ, 80 թոն բեռ հասցուցած է Քելբաջարի (Քարվաճառ) շրջան՝ անցնելով Ստեփանակերտ-Մատաղիս-Քարվաճառ երթուղիով»,- ըսուած է ՌԴ ՊՆ տեղեկագիրին մէջ:

Ընդհանուր առմամբ, ռուս խաղաղապահներու աջակցութեամբ աւելի քան 1600 թոն բեռ փոխադրուած է: Աջակցութիւնը տրամադրուած է ատրպէյճանական կողմին: