image
Հրատապ լուրեր:

AKP-ն շուարա՞ծ. Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնը վերահաշուարկ կը պահանջէ

AKP-ն շուարա՞ծ. Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնը վերահաշուարկ կը պահանջէ

Թուրքիոյ մէջ կայացած Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւներուն երկրի խոշոր քաղաքներուն մէջ պարտուած «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը լիովին համաձայն չէ քուէարկութեան արդիւնքներուն հետ:

«Անատոլու» գործակալութեան փոխանցմամբ, իշխող կուսակցութեան փոխնախագահ Ալի Իհսան Եաւուզը անճշտութիւններու մասին ահազանգած է:

Անոր պնդմամբ, Պոլսոյ մէջ 309 ընտրատեղամասերու մէջ իրենց թեկնածուի՝ նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի օգտին տրուած շուրջ 17 հազար 410 քուէ այլ կուսակցութիւններու հաշուոյն գրանցուած է:

Նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ Եըլտըրըմի հիմնական մրցակիցը՝ Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Էքրէմ Իմամօղլուն յաղթած է ձայներու նուազագոյն առաւելութեամբ՝ 0,3 տոկոսով, այն է՝ շուրջ 22 հազար քուէ, իշխող կուսակցութիւնը Պոլսոյ համար պայքարին իր պարտութիւնը դեռ չընդունիր:

«Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը ձայներու վերահաշուարկ կը պահանջէ:

Յիշեցնենք՝ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի հրապարակած նախնական տուեալներուն համաձայն, «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը յաղթած է Կիրակի օր Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ՏԻՄ ընտրութիւններուն՝ ստանալով քաղաքացիներու ձայներու 44,31 տոկոսը:

Ընդդիմադիր Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութիւնը 30,1 տոկոսով երկրորդ տեղը գրաւած է:

Այնուհանդերձ, քեմալականները յաջողած են յաղթանակ արձանագրել երկրի խոշոր քաղաքներուն՝ Անգարայի, Պոլսոյ եւ Իզմիրի մէջ:

Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն յայտարարած է, թէ այս ընտրութիւնները Թուրքիոյ ամբողջ բնակչութեան՝ 81 միլիոն քաղաքացիի յաղթանակն է, քանի որ թուրք ընտրողները ցոյց տուին իրենց աջակցութիւնը ժողովրդավարութեան:

Եւրոպացի դիտորդները, սակայն, այս ընտրութիւնները ամենեւին ժողովրդավար չեն որակած: Եւրոպայի խորհուրդի դիտորդական առաքելութիւնը բացասական գնահատական տուած է ընտրական գործընթացին՝ յայտարարելով, թէ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ եւրոպական արժէքներուն եւ սկզբունքներուն համապատասխան ժողովրդավար ընտրութիւններու իրականացման համար ազատ եւ անկախ ընտրական մթնոլորտ չկայ: