image
Հրատապ լուրեր:

«Ականջ ունին, բայց չեն լսեր...». Յակոբ Քորթմոսեան

«Ականջ ունին, բայց չեն լսեր...». Յակոբ Քորթմոսեան

Որոշած էի սուրիահայութեան եւ ընդհարապէս Սուրիոյ ներկայ պատերազմին մասին չգրել ու չարտայայտուիլ, որովհետեւ վստահ եմ, որ ո՛չ գրելը եւ ոչ ալ արտայայտուիը բան կրնան փոխել: Քարացած միտքերն ու կարծրացած սիրտերը, ի զօրու չեն ոչինչ փոխելու, ընդհակառակը այդ քարացած միտքերն ու կարծրացած սիրտերը մի միայն իրենց «ԵՍ»ին մասին է՝ որ կը մտածեն:

 

Այս տողերը կը գրեմ, որովհետեւ մարդ չի՛ կրնար անտարբեր մնալ անցնող տասը օրերուն եւ մինչ օրս կատարուած արիւնալի դէպքերուն Հալէպի մէջ, որոնց ընթացքին դժբախտաբար անմեղ զոհեր տուինք: Մատղաշ մանուկներու, հասունցած փայլող երիտասարդներու, կեանքի դաժան ճանապարհ անցած երէցներու անմեղ հոգիները առ յաւէտ բանուեցան մեզմէ: Տակաւին յայտնի չէ թէ քանի՜-քանի հոգիեր պիտի բաժնուին մեզմէ...

 

Այս բոլորին ի տես, մի քանի հարցումներ.

 

1) Եթէ գաղութը պահելն է հիմնական պատճառը, որ տակաւին որոշում չառնուիր ժողովուրդին կեանքը ապահովելու, արդեօք գաղութը ինչպէ՞ս պիտի կարենանք պահել, երբ գաղութին անդամները մէկ առ մէկ այս աշխարհէն կը հեռանան:


2) Ինչո՞ւ պահել գաղութը, երբ գաղութը գաղութ դարձնող ազդակները սակաւ կը դառնան, չըսելու համար գրեթէ կ'անհետանան:




3) Անոնք որոնք կարելիութիւնը ունէին հեռանալու, արդեօք երբ պատերազմը աւարտի, անոնցմէ քանի՞ն ետ պիտի վերադառնայ: Իսկ վերադառնալուն համար պէտք է նկատի ունենալ այդ աւարտէն ետք դեռ իշխող կամ նոր իշխող ոյժերուն հետ ի՞նչ լեզու պիտի գտնենք:


4) Ի՞նչ է մեղքը մեր այն հայրենակիցներուն, որոնք օր առաջ՝ վայրկեան առաջ կ'ուզեն հեռանալ այդ դժոխքէն, սակայն կարելիութիւնը չունին: Անոնք որոնք այդ կարելիութիւնը շնորհելու կարողութիւնը ունին, ինչպէ՞ս գիշերները կը քնանան, երբ այսքա՜ն անեղ զոհեր կու տանք...


5) Ի վերջոյ, մարդու հոգի՞ն է կարեւոր, թէ՞ քարը:

 

Յ.Գ. Այս գրութիւնս քննադատական չէ, որովհետեւ ճշմարիտ իրողութիւններու մասին խoսիլը, դեռ եւս ըսել չէ, որ քննադատութիւն է:

 

Յակոբ Քորթոմոսեան 

Յատուկ ՝ «Արեւելք»ին