Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու փաղանգի «Քուտս» յատուկ ստորաբաժանման ղեկավար, զօրավար Քասէմ Սուլայմանիի մարմինը կիրակի տեղափոխած են Իրան. տեղի պիտի ունենայ հրաժեշտի արարողութիւնը, կը գրէ BBC գործակալութիւնը:
Կը նշուի, որ օդանաւը վայրէջք կատարած է Իրանի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Ահուազ քաղաքի օդակայանին մէջ:
Բացի Ահուազի մէջ տեղի ունեցող հրաժեշտի արարողութենէն, արարողութիւններ տեղի պիտի ունենան նաեւ Մեշհետի, երկուշաբթի՝ Թեհրանի, իսկ երեքշաբթի զօրավարը պիտի յուղարկաւորեն Քերմանի մէջ:
Իրանի հարաւ-արևմուտքը գտնուող Ահուազ քաղաքի փողոցները հեղեղուած են սեւազգեստ քաղաքացիներով, ուր Սուլայմանի մարմինը ժամանած է մինչեւ լուսաբաց: «Իրիպ» պետական լրատուական գործակալութիւնը նկարներ ցուցադրած է, ուր Սուլայմանիի դագաղը, որուն վրայ Իրանի դրօշը ծածկուած է, օդանաւէն դուրս բերած են ռազմական նուագախմբի հնչիւններու ներքոյ:
Կը հաղորդուի, որ երկրի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ խորհրդարանի անդամները քանի մը վայրկեան վանկարկած են «Մա՛հ Ամերիկային»:
«Թրա՛մբ, սա իրանական ազգի ձայնն է, լսէ՛ք»,- ըսած է խօսնակ Ալի Լարիճանին:




![]()