Ըստ Ռիատի մէջ կայացած ռուս-սէուտական կառավարական միացեալ յանձնաժողովի նիստի արձանագրութեան, Ռուսիա եւ Սէուտական Արաբիա զոյգ երկիրներու միջեւ համագործակցութեան նախագիծ կը մշակեն, որ կը վերաբերի միջուկային ուժանիւթի անվտանգ օգտագործման:
Արձանագրութեան համաձայն, նախագիծը նպատակ ունի «Ռուս Ատոմ» ընկերութեան մասնակցութեամբ կազմակերպել «մրցակցային երկխօսութիւն, Սէուտական Արաբիոյ մէջ բարձր հզօրութեան ելեկտրա-ատոմային կայան ստեղծելու շուրջ»:
Նշենք, որ աւելի վաղ սէուտցի նախարարը «Սփութնիք»ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած էր, թէ «Արաբական տարածաշրջանին մէջ որեւէ երկիր միջուկային զէնք պէտք չէ ունենայ»: