ԲՀԿ Առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան քիչ առաջ դուրս եկաւ ԱԱԾ-ի կեդրոնատեղիէն եւ ուղղուեցաւ իր բնակարանը։
Այս մասին լուրը հաղորդեց «Շանթնիւզ» կայքը նշելով, որ Ծառուկեանի ԱԱԾ-ի կողմէ կատարուած հարացաքննութիւնը տեւած է 9 ժամ։
Նշենք, որ այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ ՀՀ իրաւապահ մարմիններ խուզարկութիւններ կատարած էին Ծառուկեանի Առինջ շրջանին մէջ գտնուող առանձնատան մէջ եւ այդ գործընթացներուն զուգահեռ ԱԱԾ-ն հրապարակած էր հաղորդագրութիւն մը, ուր կը նշուէր, թէ ԲՀԿ Առաջնորդին կողմէ եղած են նիւթական չարաշահումներ։ Աւելի ուշ խօսուած էր այն մասին, որ վերջին ընտրութիւններուն ԲՀԿ-ն յաջողութիւններու հասնելու նպատակով դիմած էր ընտրակաշառք տրամադրելու։
Քաղաքական իրավիճակը տակաւին հեռու է բիւրեղանալէ յատկապէս որ եւ իշխանութիւնները եւ ԲՀԿ Առաջնորդը միմիայն հանդէպ վերջնագիր տուած են։