image

9 Ժամուան հարցաքննութեան աւարտին Գագիկ Ծառուկեան դուրս եկաւ ԱԱԾ-ի կեդրոնատեղիէն

9 Ժամուան հարցաքննութեան  աւարտին  Գագիկ Ծառուկեան   դուրս եկաւ ԱԱԾ-ի  կեդրոնատեղիէն

 ԲՀԿ  Առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան  քիչ առաջ  դուրս  եկաւ ԱԱԾ-ի   կեդրոնատեղիէն եւ ուղղուեցաւ իր բնակարանը։

 

 

 Այս  մասին լուրը հաղորդեց «Շանթնիւզ»   կայքը նշելով,  որ  Ծառուկեանի  ԱԱԾ-ի կողմէ կատարուած   հարացաքննութիւնը  տեւած է   9 ժամ։

 

 Նշենք, որ  այսօր  առաւօտեան ժամերէն սկսեալ  ՀՀ իրաւապահ մարմիններ  խուզարկութիւններ  կատարած էին  Ծառուկեանի  Առինջ  շրջանին մէջ գտնուող առանձնատան մէջ եւ  այդ գործընթացներուն  զուգահեռ ԱԱԾ-ն հրապարակած էր    հաղորդագրութիւն մը,  ուր  կը նշուէր, թէ ԲՀԿ  Առաջնորդին  կողմէ  եղած են  նիւթական չարաշահումներ։ Աւելի ուշ  խօսուած էր  այն  մասին,  որ    վերջին ընտրութիւններուն ԲՀԿ-ն      յաջողութիւններու  հասնելու նպատակով դիմած էր ընտրակաշառք    տրամադրելու։

 

 Քաղաքական  իրավիճակը  տակաւին  հեռու է բիւրեղանալէ    յատկապէս որ եւ    իշխանութիւնները  եւ ԲՀԿ  Առաջնորդը  միմիայն  հանդէպ վերջնագիր  տուած են։