9 Տարեկան Էլիաս Ապի նատէր զոհուած է Լեռնալիբանանի Ալէյ աւանին մէջ եղող երեխաներու յատուկ խաղավայրին մէջ: Այս մասին գրած է «Ալ Նահար»ը, որ նաեւ կը յայտնէ, որ Էլիաս շաբաթ յետմիժօրէին իր ծնողներուն հետ մեկնած է խաղավայր: Նստելէ ետք բարձր դիրք ունեցող շրջուող շոգեկառքի տեսք ունեցող ելեքդրական գնացքի մը վրայ Էլիաս առաջին երկու պտոյտներէն ետք բարձր դիրքէ մը վար ինկած է:Երեխան տեղւոյն վրայ մահացած է: Անոր ծնողներուն մօտիկ աղբիւրներ յայտարարած են, որ Էլիասին հետ կատարուած արկածին ամբողջական պատասխանատուութիւնը կ'իյնայ խաղավայրի տնօրէնութեան ուսերուն անոնց ցուցաբերած անհոգութեան համար: