Իսփարթա- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը Ուրբաթ օր ձերբակալած է երկու անձեր, որոնք վաճառքի հանած էին 800 տարուան պատմութիւն ունեցող Աստուածաշունչը: Այս մասին տեղեկացնելով «Տէյլի Սապահ»ը, կը հաղորդէ նաեւ, որ ձերբակալման դէպքը տեղի ունեցած է Արեւմտեան Թուրքիոյ Իսփարթա նահանգին մէջ: Ան կը նշէ, որ ոստիկանութիւնը տեղեկութիւններ ստանալով պատմական հնութիւններու վաճառքով զբաղուող անձերու մասին, ներխուժում իրականացուցած է անոնց գտնուած տան վրայ, եւ կրցած է անոնցմէ գրաւել վաճառքի հանուած հին աստուածաշունչ մը:
Ոստիկանութիւնը յայտարարծ է, որ գրաւուած թանկարժէք Աստուածաշունչի լեզուն եղած է հին յունարէնը եւ ան զարդագծուած է Յիսուսի եւ այլ աստուածաշնչեան արժէքաւոր պատկերներով: