image

31 Մարտի ընտրութիւնները ՝ Էրտողանի համար «քննութեան» լուրջ պահ

31 Մարտի   ընտրութիւնները ՝ Էրտողանի  համար   «քննութեան»   լուրջ  պահ

Թուրքիոյ  մէջ  այսօր  ընտրական  կարեւոր է։  Կարեւոր, որովհետեւ առաջին անգամն է, որ  նախագահական  համակարգի   անցած երկիրը   պիտի  կայացնէ     Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններ (ՏԻՄ)։

   Թուրքիոյ  զարգացումներուն հետեւող   վերլուծաբաններ ,  ինչպէս նաեւ  երկրի  ընդդիմադիր  շրջանակներ, ընտրութիւններու վերջնական արդիւնէն բացի կը  կարեւորեն  ընդդիմադիր ուժերու  ստանալիք    քուէներուն    քանակը։

 Կը կարեւորուի նաեւ, թէ ընդդիմադիր ուժերը  ինչքանով  պիտի կարղանան       ներկայութիւն դառնալ  նոր ընտրուելիք   քաղաքապետական խորհուրդներուն  մէջ,  այդպիսով նաեւ ազդելով  Էրտողանի  «մենատիրական»  մօտեցումներուն վրայ։

 

 Յիշեցնենք, որ  Էրտողանի   «Արդարութիւն եւ զարգացում»  (AKP) կուսակցութենէն   բացի,     երկրորդ կարեւոր ուժ կը համարուի   Ժողովրդա-հանրապետական  (CHP) կուսակցութիւնը եւ  այս  երկու գլխաւոր   ուժերուն  միջեւ մրցակցային պայքարը,  ունի առնուազն   տաս  տարուան   վաղեմութիւն։

 

Սուր  պայքար  կը սպասուի  մանաւանդ մայրաքաղաք  Անգարայի,    պատմական  նշանակութիւն ունեցող Պոլսոյ, ինչպէս նաեւ  երբեմնի    Քէմալիստներու «բոյն»  համարուած  Իզմիր քաղաքներուն մէջ։