26 Մայիսին Հայաստանի մէջ կը նշուի յհիշարժան օր՝ Սարդարապատի ճակատամարտի յաղթանակի օրը. ճակատամարտ Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն (1914-1918), որ տեղի ունեցած է 1918 թուականի 21-28 մայիսին՝ մէկ կողմէն հայկական կանոնաւոր բանակի ու աշխարհազօրայիններու եւ միւս կողմէն՝ Արեւելեան Հայաստան ներխուժած թուրք զաւթիչներու միջեւ: Մարտը տեղի ունեցած է Հոկտեմբերեան քաղաքի մերձակայքը, Սարդարապատ կայարանի մօտ: 1917 թուականին Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան յաղթանակէն ետք ռուսական զօրքերը լքեցին Առաջին աշխարհամարտի ժամանակ գրաւած Արեւմտեան Հայաստանի մարզերը: Անկէ օգտուելով՝ Թուրքիոյ իշխանական շրջանակները որոշեցին ետ վերցնել ոչ միայն Արեւմտեան Հայաստանը, այլեւ գրաւել Արեւելեան Հայաստանն ու ամբողջ Անդրկովկասը:
Խախտելով 1917 թուականին կնքուած հրադադարի պայմանագիրը՝ թրքական զօրքերը յարձակման անցան եւ գրաւեցին Երզնկան, Էրզրումը, Սարիղամիշը, Կարսը, իսկ 15 մայիսին՝ Ալեքսանդրապոլը (Գիւմրի): Հայերը, թիւով մի քանի անգամ գերազանցող հակառակորդի ճնշման ներքոյ, նահանջեցին: Ուեհիպ փաշայի գլխաւորած թրքական 100 հազարանոց բանակին կը դիմայակէր հայկական 20 հազարանոց զօրքը՝ կազմուած զինուորներէ եւ սպաներէ, որոնք զինուած էին հին ռուսական բանակի հրացաններով եւ գնդացիրներով: Կային նոյնքան ալ աշխարհազօրայիններ եւ օժանդակ զօրքերու մարտիկներ: Զօրքերու հրամանատարը գնդապետ Դանիէլ Բեկ-Փիրումեանն էր: Թուրքերը Արաքսի հովիտով կը շարժէին արեւմուտքէն արեւելք՝ Երեւանի ուղղութեամբ: Դանիէլ Բեկ-Փիրումեանը անոնց դիմաւորեց Էջմիածնի մատոյցներուն, քանի մը յաջող հարուածներով ջախջախեց ու ետ շպրտեց:
Սարդարապատի յաղթանակը հսկայական նշանակութիւն ունէր Հայաստանի համար. Արարատեան դաշտի հիւսիսային հատուածի հայ բնակչութիւնը փրկուեցաւ թրքական ցեղասպանութենէն, Արեւելեան Հայաստանի զգալի մասը փրկուեցաւ թուրքերու նուաճումէն, հայկական պետականութեան վերականգնման պայմաններ ստեղծուեցան: Եւ 1918 թուականի 28 մայիսին հռչակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
1918 թուականի 26 մայիսին Սարդարապատի ճակատամարտին յաղթանակի եւ թրքական բանակի ջախջախման պատուոյն հաստատուեցաւ յիշատակի օր, իսկ ճակատամարտի 50-ամեակին՝ 1968 թուականի մայիսին Երեւանէն ոչ հեռու բացուեցաւ Սարդարապատ ճարտարապետական համալիրը, որու հեղինակը յայտնի ճարտարապետ Իսրայէլեանն է: