Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գագաթնաժողովին ծիրէն ներս՝ երկու օր պիտի յայտարարուի ոչ աշխատանքային: Այս մասին՝ կառավարութեան այսօրուան նիստին յայտարարեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Ըստ նախնական տուեալներու յառաջիկայ 11 եւ 12 հոկտեմբերը ոչ աշխատանքային օրեր են Հայաստանի մէջ։