1 օգոստոսը լիբանանեան բանակի հիմնադրման տօնն է: Այս օրն է, որ բանակի կրթական հաստատութիւնը (Եարզէ) աւարտած ուսանողներ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին առջեւ իրենց երդումը տալով կը ստանան սպայական կոչում եւ սպայական թուր:
Համայնքային դրութեամբ կառավարուող երկրի մը մէջ, ինչպիսին է Լիբանանը, բանակը կարեւոր եւ առանցքային դեր ունի եւ կը համարուի երկրին մէջ պետական մտածողութեան աղբիւր հանդիսացող ամէնէն հզօր կառոյցներէն մին:
Բանակը նաեւ կը համարուի հիմնական «մատուցող»ը երկրի նախագահական պաշտօնին: Այսպէս, անցնող տաս եւ աւելի տարիներուն ընթացքին բանակի շարքերէն Լիբանանի նախագահական պալատ հասան նախագահներ ՝ զօր. Էմիլ Լահուտ, զօր. Միշէլ Սուլէյման եւ 2016-ին երկրի նախագահ ընտրուած զօր. Միշէլ Աուն:
Քաղաքական առումով եւս Լիբանանի հարցերուն մէջ հիմնական ըսելիք ունեցող երկիրներուն եւ կողմերուն համար բանակը վստահութեան աղբիւր է:
Բանակն է, որ կը պահպանէ երկրի միասնութիւնը եւ աւելին՝ բանակն է, որ օրինական իշխանութեանց հիմնական նեցուկն է:
Այս բոլորէն անդին, լիբանանեան բանակը կարեւոր դեր եւ առաքելութիւն ունի՝ կապուած ահաբեկչութեան դէմ պայքարին:
Այդ պայքարը սկիզբ առած է շուրջ 15 տարիներ առաջ, երբ ծայրայեղական իսլամիստներ փորձած են տարբեր առիթներով իրենց թիրախը դարձնել Լիբանանի անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը:
Ժամանակ մը , երբ արեւմտեան շատ մը երկիրներու համար ծայրայեղականներու մասին տեղեկութիւնները կու գային միայն ԶԼՄ-ներէն, լիբանանեան բանակը իր էութեամբ եւ արիւնով երկիրը կը պաշտպանէր ահաբեկիչներէն: Ու կարիքը չկայ այստեղ յիշատակել այն հարիւրաւոր դէպքերը, որոնց ընթացքին լիբանանեան բանակը ամրագրեց իր կոչումը եւ այսօր ալ կը շարունակէ հանդիսանալ լիբանանցի ժողովուրդին «սրբութիւն սրբոց»ը:
Ամենակարեւորն այն է, որ լիբանանեան բանակի ընկալումներուն եւ էութեան մէջ կրօնական կամ նոյնիսկ դաւանական շինծու մօտեցումներ չկան: 72 տարեկան հաստատութիւնը այսօր ալ կը շարունակէ հանդիսանալ երկրի միասնութեան համար առաջին գրաւականը:
Հեռու միլիթարիզմի ախտագին յղացքներէն, հեռու զէնքի պաշտամունքէն եւ հեռու կեղծ գաղափարախօսութիւններէն, լիբանանեան բանակը, ինչպէս երկրի քաղաքացիական պատերազմի ամենածանր փուլերուն, այսօր ալ կը շարունակէ իր յաղթական գոյերթը՝ հանդիսանալով իսլամ- քրիստոնեայ համակեցութեան խորհրդանիշ դարձած եւ հարուստ մշակոյթի ափ հանդիսացող երկրին՝ Լիբանանի պաշտպանութեան իրական ու ճշմարիտ գործօն մը: