image

Երգչուհի Սիլվա Չիլինկիրեանի Յիշատակին

Երգչուհի Սիլվա Չիլինկիրեանի Յիշատակին

Սիլվա Չիլինկիրեան, որ ծանօթ էր հայկական ժողովրդական ու միջազգային երգերու ուրոյն մեկնաբանութեամբ՝ իր մահկանացուն կնքեց անցեալ շաբաթ Լոս Անճելըսի մէջ յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Հասակ առած էր Լիբանան՝ մշակոյթ ապրող եւ քաջալերող ընտանիքի մը մէջ: Անցած էր արուեստագէտի մը վերապահուած բոլոր հանգրուաններէն եւ գտած իր մեկնաբանութեան իւրայատուկ ոճը:  Ձայնամարզութեան եւ երաժշտական նախնական  կրթութիւնը ստացած էր Լիբանանի Ազգային Երաժշտանոցին մէջ եւ ապա Միացեալ Նահանգներ: Հետեւած էր թատրոնի եւ պարարուեստի դասընթացքներու Քալիֆորնիոյ Պետական Համալսարանին մէջ:

Ելոյթներ ունեցած էր ուսանողական տարիներէն: Սիլվան հանդէս եկած էր Լիբանանի, Սուրիոյ, Ֆրանսայի, Աւստրալիայի եւ Ամերիկայի տարբեր քաղաքներուն մէջ: Իր բազմալեզու էսդրատային ու ժողովրդական երգերը ներկայացուած են շարք մը խտասալիկներով: 

Սիլվայի համար երաժշտութիւնը իր կեանքն էր:  Մարդկային զգացումները, տրամադրութիւնները, ինչպէս նաեւ կեանքն ու բնութիւնը կը կենդանանային իր մեկնաբանութեան հմայիչ արտայայտութիւններով, ինչպէս իր ելոյթներն ու խտասալիկները կը վկայեն:

Գրող եւ բանաստեղծ Պէպօ Սիմոնեանը Սիլվայի երգարուեստը այսպէս բնութագրած էր. «Խօսք, երաժշտութիւն եւ երգային մեկնաբանութիւն հաւասարազօր կշռոյթով կը յատկանշուին եւ ունկնդիրը կ’առնեն իրենց թախծօրօր թաւալումին մէջ:  Քնարական թախիծով երգուած երգերը վայելք են»:

Անսակարկ սիրով, գուրգուրանքով ու անսահման բարութեամբ ապրեցաւ իր կեանքը, բայց մնաց միշտ քաջ ու տոկուն բոլոր մարտահրաւէրներուն դիմաց: Իր անհուն նուիրումով հասաւ բոլորին կարիքներուն՝ իր անմիջական ընտանիքէն սկսեալ մինչեւ գաղութի շատ մը մշակութային ու ընկերային պէտքերուն, բայց մանաւանդ երիտասարդութեան ու մատղաշ սերունդին:

Ինչպէս իր «Առաջին Սէր» խտասալիկին մէջ տեղ գտած Աւետիք Իսահակեանի բանաստեղծութեան վրայ յօրինուած «Ժայռի Նման» երգին մէջ Սիլվան ապրումով կըսեր՝ «Կենսական ծովի հույզերի միջին, Ես ժայռի նման կանգնած եմ ամուր»: Իր ժայռանման հաւատքով, լաւատեսութեամբ ու առատաձեռնութեամբ ամէնուն բաշխեց ինչ որ կեանքը պարգեւած էր իրեն:

«Յաւիտենական յիշատակն արդարոց՝ օրհնութեամբ եղիցի»: Որքան այս հնաւանդ խօսքերը պատշաճ են Սիլվային: