image

ԶՊՄԿ-ն առաջատար. Ապագայի ծրագիրներ եւ արդիական մօտեցումներ

ԶՊՄԿ-ն առաջատար. Ապագայի ծրագիրներ եւ արդիական մօտեցումներ

  «Արեւելք» (Երեւան),- Արդիականութեան թեման կը շարունակէ ամէնօրեայ ընթացքով մը շրջանառութեան մէջ դրուիլ։ Ամենատարբեր ոլորտներուն մէջ, եւ լրացնելու համար այսօրուան կարիքներն ու պէտքերը արդիականութիւնը կը շարունակէ հանդիսանալ այն իրական լաստանաւը, որուն ճամբով ալ ցանկացած կազմակերպութիւն կը կարողանայ, ոչ միայն կայուն զարգացման ուղղութիւն տալ, այլ նաեւ դառնալ իրական օրինակ հանրութեան ու մանաւանդ գործարար շրջանակներուն համար։ 

Այդ կազմակերպութիւններէն է «Զանգեզուրի Պղինձամոլիբթէնի կոմպինատ»ը, որուն անշեղ սկզբունքներուն կողքին հիմնարար դեր կը շարունակէ ունենալ արդիականութեան ձեւաչափը։

 Այսօրուայ պայմանները ճիշդ է, ամէնօրեայ ընթացքներով փոփոխութիւններ կը կրեն, բայց եւ այնպէս այս բոլորը հաշուի առնելու կողքին, նոր լուծումներու, նոր մեթոտներու եւ նորագոյն լուծումներու տեղ տալն ու առնջուիլը դարձած են հիմնարար սկզբունք երկար տարիներէ ի վեր հանքագործութեան ոլորտին մէջ իր առաջատար տեղն ու դերը ունեցած կազմակերպութեան համար։ 

 Ու այս բոլորէն անդին, կարեւորն այն է, որ կազմակերպութիւնը, ոչ միայն յաջողութիւններ կը շարունակէ գրանցել, այլ նաեւ հանդիսանալ վառ օրինակ բոլոր այն կազմակերպութիւններուն համար, որոնք ունին տեսլական ու գալիք աւելի պայծառ ու բարգաւաճ Հայաստան երկրին համար ջանք ու ճիգ չեն խնայեր։

 Ի դէպ եւ հիմնուելով ՀՀ Պետական Եկամուտներու կոմիտէի վերջին տուեալներուն վրայ ուշագրաւ յայտարարութիւններ կատարած ԶՊՄԿ-ի գլխաւոր տնօրէն Ռոման Խուտոլիյը։

 Ստորեւ կը ներկայացնենք ԶՊՄԿ-ի վերջին ձեռքբերումներուն, ապագայի ծրագիրներուն ու յատկապէս պետական եկամուտներու առընթեր ամենամեծ հարկ վճարելու փաստին մասին հայրենի մամուլին մէջ լոյս տեսած հրապարակումը (արեւմտահայերէնի վերածուած)։

 

 

 

 

 

 

Հայաստանի Հանրապետութեան պետական եկամուտներու յանձնաժողովը հրապարակած է 2024ի երկրորդ եռամսեակի 1000 մեծ հարկատուներուն ցանկը: Այդ տուեալներուն համաձայն՝ ԶՊՄԿ-ն աւելի քան 29 միլիառ դրամով աւելցուցած է իր տուրքերու վճարումները՝ նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ։

Ընթացիկ տարուայ յունուար-յունիս ամիսներուն կազմակերպութիւնը վճարած է 64.049.045 հազար դրամ տուրք։ Այս ցուցանիշով ԶՊՄԿ-ն կրկին առաջինն է 1000 մեծ հարկատուներու ցանկին մէջ։

Ջանգեզուրի պղինձի ու արճիճաքարի ընկերութիւնը այս տարի կը պատրաստուի վերամշակել 22 թոն հանքանիւթ՝ կրկնելով 2019 թուականի իր լաւագոյն ցուցանիշը: Իսկ տեսանելի ապագային կը նախատեսուի կրկնապատկել Հայաստանի հանքարդիւնաբերական հսկայ արտադրողականութիւնը: 

 

Ըստ «Արմէնբրէս»-ի հաղորդման, այդ մասին Հանքագործի եւ մետաղագործի օրուան կայացած միջոցառման ընթացքին լրագրողներուն յայտնած է ձեռնարկութեան գլխաւոր տնօրէն Ռոման Խուտոլիյը:

Յաւակնոտ նպատակին հասնելու համար, ըստ Ռոման Խուտոլիի, անհրաժեշտ է դրսեւորել համալիր մօտեցում, որ կ’ենթադրէ ոչ միայն ջանքերու բազմապատկում, այլեւ ճարտարագիտական նոր լուծումներու

կիրառում, արուեստագիտութեան արդիականացում եւ պակսած տարրերու ամբողջացում, նոյնիսկ ջուրի կայուն մատակարարում եւ ծաւալներու ապահովում:

«Ջուրը էական անհրաժեշտութիւն է ընկերութեան բնականոն աշխատանքը ապահովելու համար: Կարեւոր է նաեւ նոր արուեստագիտութիւններու ներդրումը լեռնային աշխատանքներուն մէջ, որովհետեւ արդէն 2027 թուականին լեռնային զանգուածի արտադրութիւնը մեզ մօտ կրնայ աճիլ շուրջ 45 տոկոսով»,- ըսած է գլխաւոր տնօրէնը: Անոր գնահատականով՝ ներկայիս հանքանիւթի արտահանումը նախորդ տարուայ մակարդակին է:

Գնողներն ալ հիմնականին մէջ նոյն ընկերութիւններն են, թէպէտ յայտնուած են նաեւ նորերը: Այս տարի ԶՊՄԿ-ն կը նախատեսէ արտածել շուրջ 220 հազար թոն պղինձ եւ մօտ 30 հազար թոն արճիճաքար խտանիւթ (Մոլիբթէն)։

Զանգեզուրի պղինձի եւ արճիճաքարի ընկերութեան ամէնամեծ ուշագրաւ տեղը կը գրաւէ աշխատանքային նոր եւ արդիական կառքեր ապահովելը: 2023 թուականին ընկերութիւնը աշխարհի առաջատար արտադրողներէն («Komatsu», «Caterpillar») ձեռք բերած է 90 թոն տարողութեամբ 16 ինքնաթափ բեռնատարներ: Ռոման Խուտոլիի խօսքով՝ ներդրումներ եւ արդիականացման աշխատանքներ կը կատարուին նաեւ ընկերութեան տարբեր արտադրամասերուն մէջ:

Յատուկ ուշադրութիւն կը տրուի ընկերային ծրագիրներու իրականացման, այս տարի կը նախատեսուի այս ծրագրին տրամադրել շուրջ 6 միլիառ հայկական դրամ: «Մեզի համար շատ կարեւոր է, որ մեր ընկերութեան աշխատակիցները երբ իրենց օրուայ աշխատանքը աւարտեն եւ վերադառնան տուն, բոլոր առումներով յարմարաւէտ վիճակի մէջ զգան իրենք զիրենք»,- նշեց Ռոման Խուտոլիյը:

Ան նաեւ յայտնած է, որ 2024 թուականին ԶՊՄԿ-ն կը նախատեսէ վճարել մօտ 100 միլիառ դրամի հարկ Հայաստանի պետական պիւտճէին: Ըստ Ռոման Խուտոլիի՝ վերջին երեք տարիներուն ԶՊՄԿ-ն կատարած է աւելի

շատ հարկային պարտաւորութիւն, քան նախորդ 25 տարիներուն:

«Զանգեզուրի պղինձի եւ մոլիբթէնին կոմպինատ»ը հիմնադրուած է 1952 թուականին: Ձեռնարկութիւնը պղինձի եւ արճիճի հանքաքարի առաջատար արդիւնահանող եւ վերամշակող է: Ունի աւելի քան 4600 աշխատակիցներ։ Զանգեզուրի պղինձի եւ արճիճաքարի ընկերութիւնը ՀՀ առաջատար ընկերութիւններէն է, եւ մեծագոյն հարկատուն, որ 2023 թուականին վճարած է 70 միլիառ 881 միլիոն դրամ տուրք: