Լիբանանի նախկին նախագահ Զօր. Միշէլ Աուն այսօր Դամասկոս պիտի ժամանէ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ լիբանանեան լրասփիւռներէ։
Կը նշուի, որ Սուրիոյ պատերազմի շղթայազերծումէն ի վեր առաջին անգամն է, որ Լիբանանցի բարձրաստիճան քաղաքական գործիչ մը Դամասկոս պիտի ժամանէ եւ տեսակցութիւն ունենայ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին հետ։
Նախագահ Աուն, որ Սուրիական ուժերու Լիբանան ներկայութեան օրերուն անդուլ պայքար մղած էր Սուրիոյ իշխանութիւններուն դէմ, Փարիզեան աքսորի ժամանակէն ետք (2005 թուականին) քաղաքական նոր ուղղութիւն մը որդեգրելով սկսած էր գործակցիլ ու համախոհը համարուիլ Սուրիոյ իշխանութիւններուն եւ յատկապէս Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին։