Արցախցիները պեթոնէ արգելապատնեշներով փակած են Ասկերան-Ակնա (Աղդամ) ճանապարհը․ նպատակն է ցոյց տալ, որ Արցախի մէջ կտրականապէս դէմ են ատրպէյճանական մթերքներու ներմուծման՝ ըլլայ այդ «հումանիտար օգնութիւն, թէ շատ էժան գնով ապրանք»։
Ակնայի (Աղդամ) ճանապարհով Արցախին օգնութիւն ուղարկելու պատրաստակամութեան մասին վերջերս խօսած են ատրպէյճանցի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։ Մասնաւորապէս այդ մասին խօսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը՝ աշխատանքային շարք մը հանդիպումներու ընթացքին։ Այդ ճանապարահն օգտագործելու հնարաւորութեան մասին խօսած էր նաեւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելը՝ 15 յուլիսին Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ հանդիպման։
«Արմէնփրէս»-ի թղթակցի հետ զրոյցին «Արցախի Անվտանգութեան զարգացման ճակատ» հանրային շարժման հիմնադիր անդամ Արշակ Աբրահամեանն անդրադարձած է շարժման երիտասարդական թեւի եւ խումբ մը արցախցիներու կողմէ 18 յուլիսին Ասկերան-Ակնա ճանապարհն արգելափակելու բողոքի ցոյցին:
«Մենք յստակ նշել ենք որ դա մեզ համար հանդիսանում է կարմիր գիծ․ Արցախը սոցիալապէս եւ տնտեսապէս իր կապը պէտք է պահի միայն Հայաստանի հետ։ Մեր հիմնական պահանջների մէջ առաջնային է մնում Հակարիի կամրջի վրայ ապօրինի տեղադրուած ադրբեջանական անցակէտի ապամոնտաժումը»,-ըսած է Աբրահամեանը՝ աւելցնելով, որ ստեղծուած մարդասիրական աղէտի պայմաններուն մէջ որպէս կարճաժամկէտ եւ հրատապ լուծում կը պահանջեն մարդասիրական օդային միջանցքի տրամադրում։