Հայաստանի նոր Սահմանադրութեան մէջ Անկախութեան հռչակագրին յղում պէտք չէ ըլլայ, քանի որ վերջինս կառուցուած է «կոնֆլիկտի տրամաբանութեան» վրայ։ Այս յայտարարութիւն ըրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ մարտ 12-ին կառավարութեան մէջ ճեպազրոյցի ժամանակ։
Ըստ կառավարութեան ղեկավարի՝ հնարաւոր չէ կառուցել անկախ պետութիւն՝ հիմնուելով հակամարտութեան տրամաբանութեան վրայ։
«Անկախութեան հռչակագիրը կառուցուած է կոնֆլիկտի տրամաբանութեան վրայ։ Չենք կարող մենք կոնֆլիկտի տրամաբանութեան վրայ գնալ եւ ուզենալ անկախ պետութիւն կառուցել»,-ըսած է Փաշինեանը։
Ան ընդգծած է, որ որեւէ յղում «Արցախի Հանրապետութեան» կը նշանակէ պատերազմի կոչ, որ վաղ թէ ուշ պիտի յանգեցնէ նոր բախումներու։ Վարչապետը նաեւ քննադատած է եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները՝ անոնց անուանելով «պատերազմի կուսակցութեան առաջնորդներ»։
«Ղարաբաղեան շարժում չկայ, եւ ամէն անգամ, երբ խորանից կամ ամբիոնից յղում են անում «Արցախի Հանրապետութիւն», դա պատերազմի ճանապարհին ոտք դնել է»,-ըսած է ան։
Փաշինեան նաեւ զուգահեռներ տարած է Ատրպէյճանի խօսոյթի հետ՝ նշելով, որ հակադիր կողմն ալ կը զարգացնէ «վերադարձի» թեման, որ նոյնպէս կը տանի դէպի բախում։